Վարուժան. ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ
Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական . —
Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին ։
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական . —
Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին.
Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով . —
Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին ։
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով . —
Հա՛րս, բեր ճրագը շեմին ։
Բայց… սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են…
Հա՛րս, ճրագը ասդի՛ն երկարէ ։
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն . —
Ա՜խ, հա՛րս, ճրագըդ մարէ՜… ։
Метки: Daniel Varuzhan, Армянская литература, Армянские поэты, армянские стихи, Стихи Даниела Варужана, Դանիել Վարուժան